2017-01-02 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 1 եւ 2 Յունուարի թուիթները` Շնորհաւոր խաղաղ նոր տարի։։


(Ռատիօ Վատիկան) 2017 առաջին օրը` կիրակի 1 յունուարին, որ է նաեւ Աստուածամօր տօնը ըստ լատինաց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնել նոր տարին։

''Սուրբ Կոյս Մարիամին` Աստուածամօր յանձնենք նոր տարին, որպէսզի համայն աշխարհին մէջ զարգանայ խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։


Իսկ երկուշաբթի յունուար 2017-ին հրապարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիկսոս Պապ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց աշխարհի համայն ժողովուրդներուն։

''Այս տարուայ սեմին իմ խաղաղութեան անկեղծ բարեմաղթութիւններս կը փոխանցեմ աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն'' գրեց Նորին Սրբութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.